Ղարաբաղի հարցով Ամերիկայի դիրքորոշումը չէ փոխուած. Ուաշինկթըն

By Asbarez | Friday, 05 December 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մերի Հարֆ, պատասխանելով ԼՂՀ անկախութեան 23րդ տարեդարձին առթիւ Ուաշինկթընի մէջ կայացած ընդունելութեան մասին հարցումի մը՝ ըսած է, որ Արցախի հարցին մէջ ամերիկեան դիրքորոշումը չէ փոխուած:
«Քոնկրեսը ազատ է նման միջոցառումներ կազմակերպելու։ Մենք որեւէ տեսակէտ չունինք Քոնկրեսի՝ այսպիսի միջոցառումներու ժամանակ: Մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած», յայտարարած է Հարֆ:

Ըստ անոր՝ Ուաշինկթըն հաւատարիմ կը մնայ Արցախի հարցով երկարատեւ համաձայնութեան համար կողմերուն օգնելու իր պարտաւորութեան:
Անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին հարցումին՝ Հարֆ ընդգծած է, թէ այդ հարցին մէջ եւս Ամերիկայի դիրքորոշումը չէ փոխուած:

 


comments