Ամերիկա նախագահի մակարդակով Արցախի բանակցութիւններ կ՛ուզէ

By Asbarez | Thursday, 22 January 2015

 

 

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>>.- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տերեք Հոկըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր, 2015ին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերը պիտի հրաւիրէ բարձրաստիճան բանակցութիւններու։

Ըստ անոր՝ իր երկիրը պիտի փորձէ բանակցութիւնները շարունակել նախագահներու եւ նախարարներու մակարդակով։

<<Նախագահներու վերջին հանդիպումը կայացած է անցեալ տարի, Փարիզի մէջ։ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքի, որ բանակցութիւնները վերականգնին նախագահներու մակարդակով։ Վերջին շրջանին նկատուող լարուածութեան աճը կողմերէն որեւէ մէկուն ձեռնտու չէ>>, ըսած է ան։

Ամերիկացի դիւանագէտը նշած է, որ ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք թէ՛ նախագահներու հանդիպումէն առաջ, թէ՛ ատկէ ետք, աշխոյժ եղած է իր յայտարարութիւններով ու ընկերային ցանցերուն վրայ իր գրառումներով։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ համանախագահը 2015ին պիտի շարունակէ իր աշխուժութիւնը։

 


comments