By Asbarez | Tuesday, 27 January 2015
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>>.– <<Ադրբեջանական իշխանութիւնների վարած ապակառուցողական քաղաքականութեան պատճառով 2014 թուականին չի յաջողուել իրական առաջընթացի հասնել՝ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացում>>, յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 26 Յունուարին տուած 2014ի ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Ան նշած է, որ Ատրպէյճան ընտրած է ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակի աննախադէպ սրման ուղին՝ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան բազմաթիւ խախտումներու եւ սադրանքներու գագաթնակէտին հասցնելով իրավիճակը: <<Նման քայլերով Ադրբեջանը բացայայտ արհամարհանք է դրսեւորում ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ պետութիւնների եւ, ընդհանուր առմամբ, միջազգային հանրութեան հանդէպ>>, հաստատած է նախարարը:
Կարէն Միրզոյեան ընդգծած է, որ շփման գիծին մէջ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներու անյապաղ մշակման ու գործադրութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ բացայայտել եւ ճշդել զինադադարի դրութեան իրական խախտողը՝ ի դէմս Ատրպէյճանի, եւ խուսափիլ հակամարտութեան կողմերուն ուղղուած անհասցէ կոչերէն, <<որոնք նրա մօտ ամենաթողութեան եւ անպատժելիութեան կեղծ զգացում են առաջացնում>>:
Լեռնային Ղարաբաղի առնչուող դրական զարգացումներուն անդրադառնալով՝ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է. <<Անցած տարի, առաջին անգամ խորհրդարանական մակարդակով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը սատարող բանաձեւ է ընդունուել Եւրոպական մայրցամաքում: Մասնաւորապէս, նման բանաձեւ է ընդունուել Բասկերի Երկրի խորհրդարանի կողմից>>:
Ան դիտել տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը անկախ պետութիւն ճանչնալու գծով յայտարարութիւն կատարած է նաեւ Պասքերու երկրի Կիփուսքօա նահանգի նախագահը: Աշնան Նաւարայի (Սպանիոյ ինքնավար մարզ) խորհրդարանի նախագահներու խորհուրդը հանդէս եկած է պաշտօնական յայտարարութեամբ այն մասին, որ Ղարաբաղ պէտք է կողմ հանդիսանան բանակցային որեւէ ձեւաչափի, որ կրնայ վճռորոշ դերակատարութիւն ունենալ երկիրի ապագային համար: Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ նոր զարգացումներ արձանագրուած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Ռոտ Այլընտէն, Մեսեչուսեցէն, Մենէն եւ Լուիզիանայէն ետք Քալիֆորնիա նահանգը դարձած է հինգերորդը, որ ընդունած է Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին սատարող բանաձեւ: Նախորդ տարուան ընթացքին ընդլայնուած են Արցախի եւ օտարերկրեայ տարբեր համայնքներու միջեւ ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան շրջանակները: Բարեկամութեան հռչակագիրներ ստորագրուած են Ֆրանսայի Վիէն, Պուրկ լէ Վալանս, Պուք Պէլ Էր եւ Արցախի Հադրութ, Շուշի եւ Ասկերան քաղաքներուն միջեւ: Քարվաճառի եւ Հադրութի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերող նման հռչակագիրներ ընդունուած են նաեւ ամերիկեան Փիքօ Ռիվերա եւ Պըրպենք քաղաքներուն կողմէ։
Համագործակցութեան վերաբերող համաձայնագիր ստորագրուած է նաեւ Ստեփանակերտի եւ Տոնոսթիայի միջեւ (Պասքերու երկիր): Դրական զարգացումներ արձանագրուած են նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան ոլորտին մէջ: Մասնաւորապէս, Եւրախորհրդարանին մէջ մեկնարկած է Արցախի հետ Բարեկամութեան խումբ ձեւաւորելու գործընթացը:
Միրզոյեան անդրադարձած է նաեւ 2015ին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան առաջնահերթութիւններուն՝ նշելով, որ ատրպէյճանական–ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը եւ Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումը պիտի մնան Արցախի իշխանութիւններուն նպատակային հիմնական ուղղութիւնները։
Ան նաեւ կարեւոր նկատած է տեղեկատուական ոլորտին մէջ իրականացուող աշխատանքները՝ նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչները հետեւողական գործունէութիւն կը ծաւալեն Ղարաբաղի մասին առարկայական եւ հաւաստի տեղեկութիւններու տարածման իմաստով։
Ան համոզուած է, որ 2015ը Արցախի համար պիտի ըլլայ նոր ձեռքբերումներու տարի։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ