By Asbarez | Monday, 02 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- <<Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, Թուրքիոյ կողմէ մինչեւ Ապրիլ քայլեր պիտի չառնուին, քանի որ նման քայլեր Անգարայի տրամաբանութեան խոտոր կը համեմատին: Աւելին, Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման յստակ ծրագիր չունի>>: Այս հաստատումները թրքական <<Սապահ>> թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին կատարած է Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ, աւելցնելով սակայն, որ ապագային դրական զարգացումներ հաւանական են:
Արընչ խոստովանած է, որ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի հետ կնքուած արձանագրութիւնները, Անգարայի պատկերացումով, ներառած են նախապայմաններ՝ ըսելով. <<Մենք ըսինք, որ կը բանանք սահմանները ու դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատենք որոշ պայմաններու իրականացումէն ետք: Պայմաններէն մէկը մեր ընկեր, դրացի Ատրպէյճանի հետ ունեցած խնդիրն է: Կրնայ ըլլալ գիտակցաբար՝ Հայաստան այդ պայմանները մերժեց>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ