Արցախի արտաքին գործոց նախարարը կը հանդիպի Եւրոմիութեան ներկայացուցիչին հետ

By Asbarez | Tuesday, 10 February 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.– Աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 10 Փետրուարին հանդիպում ունեցած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հըրպըրթ Զալպերիի հետ:


<<Հանդիպման ընթացքում կողմերը մտքեր են փոխանակել Եւրամիութեան եւ Արցախի միջեւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնների ու հեռանկարների շուրջ: Կարէն Միրզոյեանը կարեւորել է Արցախ ԵՄ ներկայացուցիչների անարգել մուտքի ապահովումը եւ հրաւիրել Հերբերտ Զալբերին՝ իր մանդատի շրջանակներում այցելել Լեռնային Ղարաբաղի տեղում ծանօթանալու առկայ իրողութիւններին>>, նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ անդրադարձ կատարուած է նաեւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին. կողմերը կարեւոր նկատած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերը եւ անոնց օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը:


comments