Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ բռնցքամարտ մը 5 վիրաւոր պատճառեց

By Asbarez | Wednesday, 18 February 2015

 

 

 

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն միջեւ կռուախնձոր դարձած է կառավարութեան կողմէ պատրաստուած ներքին ապահովութեան օրինագիծը, որ նորանոր սեղմումներ պիտի բերէ ներքին ապահովութեան գետնին վրայ։ Ընդդիմադիրները խստիւ դէմ են այս օրինագիծին ու կը պնդեն, թէ անիկա նոր սահմանափակումներ պիտի պարտադրէ եւ ազատութիւններ բռնաբարէ՝ աւելի զգալի դարձնելով երկրին մէջ բռնատիրութիւնը։ Այս գծով, Փետրուար 17ին, երեսփոխաններու միջեւ դարձեալ բանավէճ մը առաջնորդեց բռնցքամարտի մը, որ նոյնիսկ թրքական չափանիշներով արտակարգ եղած է՝ խլելով հինգ վիրաւոր, որոնցմէ երկուքը շտապ օգնութեան կառքերով հիւանդանոց փոխադրուեցան։ Հինգ վիրաւորներն ալ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անդամ են։

 


comments