By Asbarez | Wednesday, 18 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՅԴ ԳՄ մամլոյ դիւան.– 18 Մարտին Հայաստանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան գրասենեակին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներ Աղուան Վարդանեանն ու Լիլիթ Գալստեանը հանդիպում ունեցած են Եւրոմիութեան ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերու նորանշանակ յանձնակատար Եոհանս Հանինի հետ:
Ողջունելով հիւրերը՝ յանձնակատարը փափաքած է լսել անոնց տեսակէտներն ու մօտեցումները երկրի ներքաղաքական կացութեան, եւրոպական հարեւանութեան ձեւաչափով անոնց ակնկալութիւններուն եւ պատկերացումներուն վերաբերեալ:
Գոհունակութիւն յայտնելով հանդիպման կարելիութեան համար, ՀՅԴ ԳՄի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան համառօտ կերպով ներկայացուցած է կուսակցութեան քաղաքական օրակարգի տուեալ պահուան հիմնական առաջնահերթութիւններէն երկուքը՝ շեշտը դնելով սահմանադրական բարեփոխումներուն առնչուող ՀՅԴի մօտեցումներուն, ինչպէս նաեւ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան առնչութեամբ կուսակցութեան սկզբունքային դիրքորոշումներուն վրայ: Աղուան Վարդանեան կարեւոր նկատած է նաեւ Եւրոմիութեան դերակատարութիւնն ու աջակցութիւնը եւրոպական չափանիշներով ընտրական օրէնսգիրքի մշակման եւ համապատասխանաբար՝ ընտրութիւններու կազմակերպման գործին մէջ: Վարդանեան նաեւ լաւատեսութիւն յայտնած է Ռիկայի գագաթաժողովին քաղաքական օրակարգով նոր մակարդակի բանակցութիւններու սկսելու ուղղութեամբ:
Լիլիթ Գալստեան լուսարձակի տակ առած է ՀՅԴի ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած եւրոպական արժէքներու հաւատարմութեան իրողութիւնը, կարեւոր նկատած է Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան հետագայ զարգացումը՝ զայն նկատելով երկրին մէջ ընկերային ու քաղաքացիական առողջ միջավայրի ձեւաւորման կենսական հիմք, երկրին մէջ ժողովրդավարութեան խորացման ու ամրացման, արմատական փոփոխութիւններու գրաւական:
Հանդիպման աւարտին Աղուան Վարդանեան նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնած է ԵՄ յանձնակատարին Եւրոնեսթի լիագումարին մասնակցելուն ու Հայաստանի մէջ եւրոպական շաբթուան իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերելուն համար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ