Պոլսոյ ոստիկանատան վրայ յարձակած զինեալներէն մէկը կը սպաննուի

By Asbarez | Wednesday, 01 April 2015

ՊԱՏԱՆԴ ԲՌՆՈՒԱԾ ԴԱՏԱԽԱԶԸ ԵՒՍ ԿԸ ՄԱՀԱՆԱՅ

ՊՈԼԻՍ, <<Զաման>>, <<Մարմարա>>.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1ին, երկու զինեալներ փորձած են ներխուժել Պոլսոյ գլխաւոր ոստիկանատունէն ներս, պահակներուն հետ ունենալով զինեալ ընդհարում մը, որուն հետեւանքով սպաննուած է զինեալներէն մէկը, իսկ երկրորդը՝ ձերբակալուած։ Ոստիկանները նաեւ վնասազերծած են զինելաներէն գրաւուած պայթուցիկ նիւթեր:


Չորեքշաբթի օրուան յարձակումը իր տեսակին մէջ երկրորդն էր երկու օրերու ընթացքին։

Երեքշաբթի օր, դատախազ մը երկու ահաբեկիչներու կողմէ պատանդ բռնուած էր Չաղլայանի դատական պալատի բանուկ շէնքի իր աշխատասենեակին մէջ ու զէնքի սպառնալիքին տակ պահուած էր երկար ժամեր, մինչեւ անոնց վրայ յարձակում կատարուեցաւ, որուն հետեւանքով երկու զինեալները սպաննուեցան, իսկ դատախազը ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ աւելի ուշ՝ մահացաւ։ Դատախազ Սելիմ Քիրազ, որ <<իր պաշտօնին նահատակը>> հռչակուեցաւ, կը զբաղէր <<Կեզի>>ի ցոյցերուն ընթացքին ոստիկանական փամփուշտի մը զոհ գացած Պերքին Էլվանի մահուան պարագաներու հարցաքննութեամբ։ <<Կ՛ուզենք Պերքին Էլվանի ոճրագործները>> կոչով յարձակումը իրականացուցած մարքսական կուսակցութեան անդամներէն մէկը՝ Շաֆաք Եայլան, 2011ին, այդ օրերու վարչապետ Էրտողանի դէմ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի մը ընթացքին ձերբակալուած եւ բանտարկուած էր։ Ան ազատ արձակուած էր 2014ին եւ յայտարարած էր, թէ բանտին մէջ ենթարկուած էր բազմաթիւ ոստիկաններու կողմէ գործադրուած տանջանքներու։

 

comments