By Asbarez | Wednesday, 06 May 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետեւած Միացեալ Նահանգներու դիտորդները տպաւորուած են ընտրական ամբողջ գործընթացի արհեստավարժութեամբ ու ընտրողներու ներգրաւուածութեամբ:
<<Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան թափանցիկ, ազատ, արդար պայմաններու մէջ, մրցակցային էին եւ կը համապատասխանեն միջազգային չափանիշներուն: Մենք Արցախի մէջ կատարուած ընտութիւնները կը դիտարկենք որպէս ժողովրդավարութեան օրինակ>>, 6 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Քալիֆորնիա նահանգի <<Պըրքլի>> համալսարանի ընտրութիւններու կառավարման հետազօտութեան կեդրոնի տնօրէն Քերին ՄըքՏանըլտ:
Քալիֆորնիոյ Սանթա Քրուզ շրջանային վարչակազմի աշխատակից Կէյլ Լ. Փելերին յատկապէս տպաւորուած է ընտրողներուն մասնակցութեամբ եւ ներգրաւուածութեամբ: Ամերիկացի պաշտօնատարը վստահեցուցած է, որ՝ վերադառնալով Քալիֆորնիա, Սանթա Քրուզի կառավարիչներու խորհուրդէն պիտի խնդրէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի շարունակական ջանքերուն՝ որպէս անկախ ու ազատ երկիր զարգացման: <<Տեսածս շատ լաւ կազմակերպուած եւ նախապատրաստուած ընտրութիւններ էին: Ընտրողները ներգրաւուած եւ տեղեկացուած էին>>, յայտնած է ան:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման խնդիրին՝ ան նկատել տուած է. <<Որքան մեծ թիւով ամերիկեան նահանգներ ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, այնքան մեծ պիտի ըլլայ հաւանականութիւնը, որ մենք կարենանք համոզել Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը՝ նման դիրքորոշում որդեգրելու>>:
Կէյլ Լ. Փելերին ընդգծած է, որ Ղարաբաղը ունի ղեկավարութիւն, լաւ գործող ընտրական համակարգ: <<Անոնք ընտրական գործընթացը բարելաւելու ուղիներ կը փնտռեն: Ատիկա կ՛օգնէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան, որպէսզի համոզէ բոլորին, թէ Լեռնային Ղարաբաղը անկախ պետութիւն է>>, հաստատած է ան։
Ըստ անոր՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընտրութիւնները կայացած են աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններուն մակարդակով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ