Տաւութօղլու եւ Չաւուշօղլու դատապարտած են Խրիմի մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները

By Asbarez | Thursday, 14 May 2015

0514davut chavush

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, խօսելով ուքրանական ճգնաժամին մասին, քննադատած է Ռուսիոյ գործողութիւնները, յատկապէս Խրիմի մէջ, ինչպէս նաեւ Վրաստանի մէջ, ակնարկելով 2008ին տեղի ունեցած ռուս-վրացական պատերազմին: <<Ուքրանիոյ, Խրիմի եւ Վրաստանի մէջ Ռուսիոյ քայլերը կարելի չէ արդարացնել>>, պնդած է ան:


Չաւուշօղլու ընդգծած է, որ հակառական անոր, որ Պերլինի պատը քանդուած է, այնուամենայնիւ անիկա դեռ գոյութիւն ունի որոշ մարդոց գիտակցութեան մէջ:
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու դատապարտած է Խրիմի մէջ ռուսական գործողութիւնները, պնդելով, որ <<Ռուսիա բռնագրաւած է Խրիմը>> եւ նմանապէս պնդելով, որ այդ <<բռնագրաւումը ոչ մէկ ձեւով կարելի է արդարացնել>>:

comments