Նախագահ Բակօ Սահակեան Ֆրանսա կ՛այցելէ

By Asbarez | Tuesday, 19 May 2015

K

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Լեռնային Ղարաբաղի Հարնապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Մայիս 17ին, նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնած է Ֆրանսա:

Պատուիրակութեան մաս կազմեն արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան, Ֆրանսայի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան:


Մայիս 18ին Նախագահ Սահակեան այցելած է Ֆրանսայի հարաւ-արեւելեան Տրոմի շրջան եւ Վալանսի մէջ հանդիպած է շրջանային խորհուրդի անդամներուն եւ խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Լապոնի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Տրոմի շրջանի ու Արցախի միջեւ կապերու զարգացման շուրջ որոշ հարցեր: Նոյն ատեն, ստորագրուած են համագործակցութեան պայմանագիրներ՝ Տրոմի շրջանի եւ Արցախի, Վալանս եւ Ստեփանակերտ քաղաքներուն միջեւ:


Արցախի Հանրապետութեան նախագահին շնորհուած է Տրոմի նահանգի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Տրոմի շրջանի եւ Վալանսի հետ փոխգործակցութիւնը, որ, նախագահի կարծիքով նոր որակ պիտի հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն:

Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիգէն Չիթեչեան:

 


comments