Զեղծարարութեամբ ամբսատանուած Պաղըշ՝ Էրտողանի խորհրդական

By Asbarez | Friday, 22 May 2015

 

0521bagis

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախկին պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ, որ անցեալ տարի հրաժարած էր զեղծարարութեանց ամբաստանութիւններու պատճառով, նոր պաշտօնի նշանակուած է։


Ըստ թրքական <<Սոնտաքիքա>> լրատուական կայքին՝ Պաղըշ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդական դարձած է:


Նշենք, որ Պաղըշ 2013ի Դեկտեմբերին բացայայտուած զեղծարարութեանց եւ կաշառակերութեան գայթակղութեամբ ամբաստանուածներէն մէկն էր, որ երեք այլ նախարարներու հետ պարտադրուեցաւ հրաժարիլ, սակայն իշխանամէտ կուսակցութեան հակակշիռին տակ գտնուող խորհրդարանը որոշեց զայն չպատժել:

 


comments