Ուորլիք պիտի զեկուցէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մասին

By Asbarez | Wednesday, 22 July 2015

0723warlick

ԵՐԵՒԱՆ - ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք Վիեննայի մէջ պիտի զեկուցէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին եւ միջնորդական առաքելութեան հետագայ քայլերուն մասին, այնուհետեւ պիտի մեկնի Պաքու: Այդ մասին Ուորլիք գրած է <<Թուիթըր>>ի իր էջին վրայ։

<<Անհամբեր կը սպասեմ Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի անդամներուն զեկուցելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին եւ մեր հետագայ քայլերուն մասին>>, գրած է ան։

Աւելի կանուխ ամերիկացի համանախագահը <<Թուիթըր>>ի իր էջին վրայ գրած էր, որ տարածաշրջանին մէջ բոլորը արժանի են ապրելու խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Երեւան գտնուող ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները հանդիպում ունեցած են նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը քննարկելու նպատակով:

 


comments