Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս դէպի Արցախ ուխտագնացութիւն կազմակերպած է

By Asbarez | Thursday, 20 August 2015

 

0820cox

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - Բրիտանիոյ լորտերու տան անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքս դարձեալ Արցախ կը գտնուի, այս անգամ՝ խումբ մը ուխտագնացներու հետ:


Քաշաթաղի <<Մերան>> պաշտօնաթերթի խմբագիր Զոհրապ Ըռքոյեան յայտնած է, որ ուխտագնացները պիտի գիշերեն Բերձորի Հակարի գետի ափին տեղադրուած բանակավայրին մէջ:


Բերձորի մուտքի հիւրերը դիմաւորած են Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավարի տեղակալներ Արտուշ Մխիթարեան, Յակոբ Սայամեան եւ աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեան:


Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս իր խօսքին մէջ նշած է, որ Արցախը իրեն համար հարազատ երկիր է տակաւին պատերազմի տարիներէն: Ան իր խումբի անդամներուն, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով Արցախ կ՛այցելէ, պատմած է գոյամարտին եւ արցախցիներու հերոսական պայքարին մասին: Խօսելով Քաշաթաղի շրջանի մասին՝ ան նկատել տուած է, որ հայ ժողովուրդը միշտ ալ աւերակներու վրայ հիմնած ու ծաղկեցուցած է իր երկիրը:
Ուխտագնացութեան մասնակիցները Բերձորէն պիտի ուղղուին դէպի Շուշի եւ Ստեփանակերտ:


Նշենք, որ ուխտագնացներուն մէջ են նաեւ Արցախեան ազատագրական պայքարի մասնակից հաշմանդամներ, որոնք բուժուած են Ստեփանակերտի Քարոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնին մէջ: Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են պարոնուհիին՝ օժանդակելուն եւ նման բժշկական հաստատութիւն հիմնելուն համար, դիտել տալով, որ հոն բուժուած են բազմաթիւ հաշմանդամ ազատամարտիկներ: Ապա արտերկրէն ժամանած բոլոր ուխտագնացները, իբրեւ նուէր ստացած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքեր ու սկաւառակներ, որոնք յատկացուած էին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ։

comments