By Asbarez | Wednesday, 09 September 2015
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ,<<Ռոյթըրզ>> - Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8ին, Իկտիրի՝ Հայաստանի եւ Նախիջեւանի մօտակայ շրջանէն անցնող ոստիկանական փոխադրակառքի մը վրայ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան վերագրուած յարձակումին հետեւանքով սպաննուած են առնուազն 14 թուրք ոստիկաններ։
Տեղական աղբիւրներու համաձայն՝ յարձակումին համար օգտագործուած է մէկ թոն ուժգնութիւն ունեցող պայթուցիկներ, որոնց հետեւանքով, պայթումը զգացուած է նաեւ Հայաստանի Արարատի մարզի սահմանային շրջաններուն մէջ։
Այս յարձակումէն երկու օր առաջ, Կիրակի, Սեպտեմբեր 6ին, Իրաքի սահմանակից Տաղլըճա գաւառին մէջ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու զրահապատ շարասիւնը ինկած էր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան լարած ծուղակին մէջ, որուն հետեւանքով սպաննուած էին առնուազն 16 զինուորներ՝ ըստ սպայակոյտի նախագահութեան։ Զոհերուն մէջ կը գտնուէր նաեւ բարձրաստիճան սպայ մը։
Սակայն, քրտական աղբիւրներու համաձայն՝ այդ յարձակումին ընթացքին սպաննուած են առնուազն 31 թուրք զինուորներ, իսկ քիւրտերը մարդկային վնասներ չեն կրած։
<<Զոհուած զինուորներու այս բարձր թիւը լախտի նման իջաւ բովանդակ Թուրքիոյ հանրային կարծիքին վրայ։ Ասոր վրայ աւելցած էր նաեւ նոյն օրը <<Հիւրրիյէ>>չ թերթի խմբագրատան կեդրոնական շէնքին վրայ մօտաւորապէս 200 ցուցարարներու կողմէ կատարուած բիրտ յարձակումը։ Պնդուեցաւ, որ այս յարձակումին հեղինակները իշխող կուսակցութան անդամներ էին, որոնք դժգոհ էին թերթի հրատարակութիւններէն>>, կը գրէ <<Մարմարա>>։
Նոյն օրը յարձակումներու ենթարկուեցան քրտամէտ կուսակցութեան զանազան քաղաքներու կեդրոնները։ Ըստ կուսակցութեան՝ 126 կեդրոններու վրայ յարձակումեր կատարուած են վերջին քանի մը օրերուն։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ օդային ուժերը լայնածաւալ հակայարձակումի անցած են վերջին քանի մը օրերուն՝ ռմբակոծելով հիւսիսային Իրաքի եւ Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջանները գտնուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դիրքերը։ <<Սապահ>> թերթը գրած է, թէ յարձակումներուն հետեւանքով առնուազն 75 քիւրտ զինեալներ սպաննուած են։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ