By Asbarez | Friday, 11 September 2015
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - 10 Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում Արցախի եւ Պելճիքայի խոհրդարանականներուն միջեւ:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան՝ ողջունելով պելճիքացի խորհրդարանականները ընդգծած է, որ Արցախի մէջ բարձր կը գնահատեն օրինակելի արժեհամակարգ ունեցող երկիրներու պետական կառոյցներու, մասնաւորաբար երեսփոխաններուն հետ կապերն ու յարաբերութիւնները:
Խորհրդարանի ղեկավարը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար՝ նկատի ունենալով միջազգային խորհրդարանական ձեւաչափով գործընթացներուն մէջ ներգրաւուած չըլլալու հանգամանքը, նման կապեր շատ կարեւոր են հաստատութենականութեան կատարելագործման եւ ժողովրդավարութեան զարգացման իմաստով։
Պելճիքական խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավար Ժիւլի տը Կրոթ կարեւոր նկատած է իրենց Արցախ այցելութիւնը՝ լիարժէք տեղեկութիւններ ստանալու եւ պաշտօնակիցներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացման հաւանական տարբերակ գտնելու պարունակին մէջ։
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում, որուն ընթացքին հիւրերը հետաքրքրուած են Արցախի մէջ ժողովրդավարական գործընթացներու, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի հովանիին տակ կատարուող բանակցութիւններու ընթացքին եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւններուն ունեցած դիրքորոշումներով:
Հանդիպման կը մասնակցէին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները: Պելճիքայի երեսփոխանական պատուիրակութեան Արցախի մէջ կ՛ընկերակցէր Հայ Դատի եւրոպական յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ