ԵԱՀԿ պաշտօնեաները այցելած են հակառակորդի կրակոցներէն տուժած սահմանամերձ շրջաններ

By Asbarez | Friday, 25 September 2015

0925OSCE2

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> -  Տաւուշի մարզի Այգեպար բնակավայրի ուղղութեամբ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին կողմէ 22 Սեպտեմբերին կատարուած է հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագիծի հերթական դիտարկում: Հայկական կողմէն դիտարկման մասնակցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Եւքենի Շարով եւ Փիթեր Սուեթպերկ:


Դիտարկման կայացումէն առաջ ԵԱՀԿ պաշտօնեաները Այգեպարի գիւղապետարանին մէջ ծանօթացած են Տաւուշի սահմանագօտիին մէջ տիրող իրավիճակին, ատրպէյճանական զինուժին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութեան խախտման դէպքերու վիճակագրութեան: Դիտարկման մասնակցած են նաեւ Տաւուշի մարզի Մովսէս ու Վերին Կարմիրաղբիւր համայնքներու ղեկավարները, որոնք իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են ատրպէյճանական կողմէ խաղաղ շրջանները ռմբակոծելու գծով:

Դիտարկման ընթացքին կողմերը կապ հաստատած են իրարու հետ եւ տուած անվտանգութեան երաշխիքներ: Դիտարկումը կատարուած է առանց միջադէպերու: ԵԱՀԿ պաշտօնեաները Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ այցելած են նաեւ հակառակորդի ռմբակոծումներէն տուժած սահմանամերձ գիւղերէն մէկը, տեղւոյն վրայ տեսած կրակոցներուն հետքերը, ծանօթացած են խաղաղ բնակիչներուն մտահոգութիւններուն: ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականները կատարած են համապատասխան նշումներ, որոնք պիտի ներառուին ամփոփիչ զեկոյցներուն մէջ:

comments