Թուրք ոստիկաններու բարբարոսութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 06 October 2015

1006trk pkk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ Շըրնաք նահանգին մէջ, ոստիկանութեան յատուկ ջոկատի մը անդամները Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն դէմ գործողութեան մը ընթացքին սպաննած են քիւրտ երիտասարդ մը եւ անոր դիակը ոստիկանական ինքնաշարժին կապելով՝ քաշած են փողոցներու մէջ:

Տեսարանը պատկերող լուսանկարը հրապարակած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշը՝ հետեւեալ գրութեամբ. <<Այս լուսանկարին ուշադիր նայեցէք: Թող ոչ ոք մոռնայ։ Մենք պիտի չմոռնանք>>:


comments