Իւրաքանչիւր հակամարտութեան առանձնաբար պէտք է մօտենալ. Նալբանդեան

By Asbarez | Tuesday, 06 October 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> -  Հոկտեմբեր 6ին, Երեւանի մէջ կայացած եւ Խաղաղապահ գործունէութեան նուիրուած միջազգային համաժողովին ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նկատած է, որ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ու ֆաշիզմի դէմ յաղթանակէն ետք խաղաղութեան պահպանման հարցերը երբե՛ք այսքան արդիական չեն եղած:


Ան ընդգծած է, որ Հայաստան կ՛ընկալէ խաղաղապահ գործունէութեան մաս կազմելու եւ իր ծանրակշիռ ներդրումը ունենալու կարեւորութիւնը: Զուգահեռաբար, կը զարգանան երկկողմանի համագործակցութեան ծաւալները, նկատի առնելով, որ հայկական ստորաբաժանումները առաքելութիւն կ՛իրականացնեն Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ եւ Յունաստանի հետ: Նալբանդեան նաեւ նշած է, որ խնդրայարոյց հարցերու լուծումը պէտք է ըլլայ ոչ թէ ուժով, այլ՝ քաղաքական ճանապարհով:

Հայաստանի ԱԳ նախարարը յիշեցուցած է, թէ ԼՂՀ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները կ՛ընթանան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափով, հետեւաբար՝ միջազգային հանրութեան բոլոր ջանքերը պէտք է համակարգել այդ ձեւաչափով:

Իրավիճակի լարումը կանխելու եւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու իբրեւ կարեւոր քայլ, նախարարը նշած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի եւ շփման գիծին վրայ միջադէպերու քննութեան եղանակ ստեղծելու մասին միջնորդներու նախաձեռնութիւնը: Խօսքը ամփոփելով՝ նախարար Նալբանդեան ընդգծած է, որ իւրաքանչիւր հակամարտութիւն հասցէական մօտեցում կը պահանջէ:

Նշենք, որ Նալբանդեան Հոկտեմբեր 5ին ընդունած է ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարի խաղաղապ գործողութիւններու հարցերով օգնական Էտմոն Միւլենը, որ բարձր գնահատած է Հայաստանի ներդրումը տարբեր երկիրներու մէջ խաղաղութեան աջակցութեան ուժերուն:

 


comments