Յարձակում Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան կեդրոնատեղիին վրայ

By Asbarez | Wednesday, 28 October 2015

1028trk

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> -  Թուրքիոյ կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ, ներքին կացութիւնը մտահոգիչ է մանաւանդ արեւելեան նահանգներուն մէջ քրտական եւ իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն դէմ բուռն պայքարին պատճառով, որ իր անդրադարձը կ՛ունենայ նախընտրական քարոզարշաւին վրայ՝ պատճառ դառնալով, որ քաղաքական ուժերը իրարու հետ քննադատական ծանր լեզու գործածեն ու խորացնեն ժողովուրդին միջեւ պառակտումը։ Արդարեւ, Հոկտեմբեր 26ի երեկոյեան, անծանօթ անձեր կրակոց արձակեցին Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Անգարայի կեդրոնատեղիին վրայ։ Ոստիկանութիւնը անմիջապէս քննութիւն բացաւ դէպքը բացայայտելու համար։


Կուսակցապետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու այս առթիւ ըսաւ, որ եթէ այսպիսի քայլերով փորձ մը կը կատարուի վախի մթնոլորտ ստեղծելու եւ ահաբեկելու կուսակցութիւնը, ապա իրենք չե՛ն վախնար. <<Մենք չենք վախնար, ուժեղ ենք, կը պաշտպանենք ժողովրդավարութիւնը։ Քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները դէմ պէտք է գան այսպիսի յարձակումներու>>, նշեց Քըլըճտարօղլու։


Միւս կողմէ, ընտրութիւններուն կապակցութեամբ իրեն ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով՝ Քըլըճտարօղլու յայտնեց, որ կրնան համախոհական կառավարութիւն մը կազմել Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ, որովհետեւ շարք մը հասարակաց սկզբունքներ կը կիսեն։


Իր կարգին, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան նախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ յայտնեց, որ պատրաստ չէ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու, սակայն ընդգծեց, որ ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան սկզբունքներուն մասին խորհրդակցական տեսակցութիւններ կրնայ ունենալ իշխող եւ հանրապետական կուսակցութեան հետ։


comments