Բակօ Սահակեանի մօտ քննարկուած են Արցախի մէջ ականազերծման վերաբերող հարցեր

By Asbarez | Tuesday, 03 November 2015

1105pako

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Նոյեմբերին ընդունած է <<Landmine Free Artsakh Campaign>> նախաձեռնութեան ղեկավար Օժենի Փանոսեանն ու <<HALO Trust>> կազմակերպութեան Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներու ղեկավար Եուրի Շահրամանեանը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ ականազերծման գործընթացին վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ <<HALO Trust>> կազմապերպութիւնը շատ կարեւոր առաքելութիւն կը կատարէ Հանրապետութեան մէջ՝ աւելցնելով, որ ականազերծման աշխատանքներուն <<Landmine Free Artsakh Campaign>> նախաձեռնութեան գործօն մասնակցութիւնը պահանջուած է ու անհրաժեշտ:

 

 



comments