By Asbarez | Tuesday, 10 November 2015
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վերջին ընտրութիւններուն, մեծ թիւով խորհրդարանական աթոռներ կորսնցուցած Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի նկատմամբ շատ լուրջ անհանգստութիւն ստեղծուած է ներքին շարքերուն մէջ, եւ որոշ մարդիկ նոյնիսկ աշխատանք կը տանին, որ արտակարգ մեծ համագումար կազմակերպուի ու նոր կուսակցապետ ընտրուի, հակառակ անոր որ Պահչելի պատրաստ չէ հրաժարելու իր պաշտօնէն։ Արդէն իսկ յայտնի է կուսակցապետութեան թեկնածուներէն մէկուն անունը, որ կուսակցութեան հիմնադիրին՝ Ալփասլան Թիւրքեշի, բժիշկն է՝ Սելիմ Քափթանօղլու։ Այլ հաւանական թեկնածու մըն է վերջերս Պահչելիի կողմէ շնորհազրկուած Մերալ Աքշեները։
Հաղորդուած լուրերէն յայտնի կը դառնայ, որ Պահչելիի յամառ կեցուածքը արգելք պիտի չըլլայ, որ կուսակցապետութեան մրցում մը կայանայ համագումարին ընթացքին, սակայն կուսակցութեան կանոնագրութիւնը կը դժուարացնէ արտակարգ համագումարի մը կազմակերպումը։
Պահչելիի դէմ պայքարը թրքերէնի բառախաղով մը կոչուած է «Տեւրեթ Պահչելի», այսինքն՝ «Փոխանցէ՝ Պահչելի՛»։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ