Թրքական Կայաններու Գրաքննութիւնը Կը Շարունակուի

By Asbarez | Friday, 13 November 2015

1113akit

ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Էրմենիհապեր».- Թրքական «Աքիթ» պատկերասփիւռի կայանը Նոյեմբեր 10ին՝ Աթաթիւրքի մահուան տարելիցին օրը, նախատական արտայայտութիւն ունեցած է Աթաթիւրքի հասցէին՝ նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ անարդարութիւնները վերջ գտան 1938ին, այսինքն՝ անուղղակիօրէն Աթաթիւրքը ամբաստանած է իբրեւ անարդարութեանց պատասխանատու ղեկավար։

Կայանին այս արտայայտութիւնը տեղի տուաւ ծանր հակազդեցութիւններու. արդարեւ, փաստաբան մը դատական իշխանութիւններուն դիմեց՝ դիտել տալով, որ Թուրքիոյ օրէնքներուն ներհակ՝ նախատուած է Աթաթիւրքի յիշատակը։

Ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդը դրամական պատիժ տնօրինեց կայանին դէմ, միաժամանակ դիտել տալով, որ եթէ նոյն յանցանքը կրկնուի, ապա պիտի ջնջուի կայանի հաղորդումին արտօնագիրը։

Միւս կողմէ, նշեալ խորհուրդը տուգանք սահմանեց «CNNTurk» կայանին դէմ, անոր հաղորդումներէն մէկուն ներկայ հիւրին յայտարարութեան համար: Արդարեւ, այդ կայանին ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող հաղորդումներէն մէկուն՝ Ահմետ Հաքանի «Չէզոք Գօտի» հաղորդման հիւրը՝ Տիգրանակերտի Իրաւաբաններու պալատի նախագահ Թահիր Ելչին յայտարարած էր, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ՛:

Ըստ խորհուրդին՝ «CNNTurk»ը խախտած է «ահաբեկչութեան խրախուսումն ու ահաբեկչական կազմակերպութեան ի նպաստ քարոզչութիւն արգիլող» օրէնքը:

Հաքան, այս որոշումը անհեթեթ համարելով՝ ըսած է. «Չենք կրնար նախապէս իմանալ, թէ ուղիղ հաղորդումի մը ընթացքին հիւրը ի՛նչ պիտի ըսէ: Ամէն ինչ կարելի է սպասել»։

Նշենք, որ տուգանքը մօտաւորապէս 240,000 տոլար է:

comments