By Asbarez | Friday, 18 December 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - 17 Դեկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նկատել տուած է, որ՝ <<Ատրպէյճանը շիկացնում է մթնոլորտը ոչ միայն շփման գծում, այլեւ դիւանագիտական ճակատում>>:
Ան նշած է որ, դիւանագիտութեան ոլորտին մէջ պաշտօնական Պաքուն փաստօրէն կը խեղաթիւրէ բանակցային գործընթացը ու կը խախտէ միջազգային իրաւունքը: <<Ատրպէյճանի դիրքորոշումը՝ թէ՛ ուժային, թէ դիւանագիտական ոլորտներում, նոյնն են: Ի սկզբանէ ղարաբաղեան կարգաւորման հարցում Ատրպէյճանը ուժային քաղաքականութիւն էր կիրառում, որից առայսօր չի հրաժարուել: Եւ հէնց այս փաստից ելնելով էլ անհնար է որեւէ առաջխաղացում ակնկալել ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացում>>, ըսած է Քոչարեան:
Փոխնախարարին համաձայն՝ ժամանակի ընթացքին միջազգային ընտանիքին մօտ պիտի հասուննայ այն գիտակցութիւնը, որ միակ ելքը Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ճանաչումն է:
Մեկնաբանելով այն հանգամանքը, որ վերջերս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները աւելի հասցէագրուած կ՛արտայայտեն իրենց դիրքորոշումները՝ Շաւարշ Քոչարեան ըսած է. <<Իմ կարծիքով, սա դեռ սկիզբն է: Համանախագահները միշտ ձգտում են հաւասարակշռութիւն պահպանել, սակայն արդէն ակնյայտ է, որ առաջխաղացում կայ: Ի հարկէ դա բաւական չէ, բայց եւ այնպէս փոփոխութիւններ կան: Նրանց յայտարարութիւններում արդէն յստակ երեւում է հասցէատէրը: Ու եթէ Ատրպէյճանը չվերադառնայ իրողութիւններին, ապա այս գործընթացը կը խորանայ>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ