Ռուսիա Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին գծով առարկայական երկխօսութիւն կ՛ակնկալէ

By Asbarez | Tuesday, 22 December 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - <<Ռիա Նովոստի>>ի համաձայն՝ ԵԱՀԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուկաշեւիչ յայտարարած է, թէ Ռուսիա կ՛ակնկալէ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կարենան առարկայական երկխօսութեան սկսիլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման սկզբունքներուն շուրջ:


Ան յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն վերջին հանդիպումը <<զգալի տեղաշարժ է>> հակամարտութեան կարգաւորման համար:

 


comments