By Asbarez | Thursday, 28 January 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - <<Ֆրիտըմ Հաուս>> իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է <<Ազատութիւնը աշխարհի մէջ– 2016>> զեկոյցը, ուր ներկայացուած են աշխարհի պետութիւններուն մէջ ազատութեան ու մարդու իրաւունքներուն վերաբերող արժեւորումներ։
Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ վատթարացած է, տնտեսական ճնշումներն ու հասարակական անհանգստութիւնը առաջնորդած են բռնապետական վարչակարգերուն կողմէ այլակարծութեան, ճնշման ու զանգուածային արտագաղթի, ահաբեկչութեան ու մեծ ժողովրդավարութիւններուն մէջ այլատեացութեան զարգացման:
Վատթարագոյն իրավիճակ նկատելի է ափրիկեան պետութիւններուն մէջ՝ Սոմալիա, Արեւմտեան Սահարա, ինչպէս նաեւ Իւզպեքիստան, Թուրքմէնիստան, Հիւսիսային Քորէա, Ատրպէյճան եւ այլն։ Ատրպէյճան 100 կէտէն ունի 16 միաւոր ու <<անազատ>> կարգավիճակ ունեցող երկիր է: Հայաստան ունի 46 կէտ, Արցախ՝ 33, Վրաստան՝ 64, եւ անոնք, ըստ զեկոյցին, <<կիսով ազատ>> երկիրներ են:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ