By Asbarez | Saturday, 13 February 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - 11 Փետրուարին ԵԱՀԿի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Արման Կիրակոսեան հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ ԵԱՀԿ Մնայուն Խորհուրդի նիստին:
Ան յատուկ կերպով վերահաստատեց հայկական կողմին աջակցութիւնը Մինսկի խումբի համանախագահութեան համաձայնեցուած ձեւաչափին՝ մտահոգութիւն յայտնելով այն մասին, որ Ատրպէյճան հարցականի տակ կ՛առնէ համանախագահ երկիրներու երկար տարիներու փորձառութիւնն ու ջանքերը՝ տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերող:
<<Հետեւողական յարձակումները Մինսկի խմբի համանախագահութեան վրայ ուղղուած են հակամարտութեան կարգաւորման դէմ եւ նպատակ են հետապնդում արդարացնել Ադրբեջանի կողմից համանախագահների առաջարկների մերժումը>>, յայտնեց Արման Կիրակոսեան:
Ան ընդգծեց, որ Մինսկի խումբի ձեւաչափի ընդլայնման վերաբերեալ Ատրպէյճանի պահանջները ապակառուցողական են եւ ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան խաղաղ լուծման գործընթացին վրայ: Բարձր գնահատելով համանախագահ երկիրներուն՝ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդական համադրուած ջանքերը, Արման Կիրակոսեան նշեց, որ Մինսկի խումբի անդամ Թուրքիան որդեգրած է հակառակ մօտեցում՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը շահարկելով յօգուտ իր աշխարհաքաղաքական շահերուն:
Դեսպան Կիրակոսեան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գիծին եւ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի երկայնքով ատրպէյճանական զինուած ստորաբաժանումներուն կողմէ ի գործ դրուած ռազմական սադրանքներուն, ծանր սպառազինութիւններու գործածութեան եւ ներթափանցման փորձերուն առնչութեամբ: Դեսպանին համաձայն՝ Ատրպէյճան մերժած է սահմանին վրայ զինադադարի ամրապնդման ուղղուած առաջարկները, արձակազէններու հեռացումն ու միջադէպերը հետաքննող մեքանիզմի ստեղծումը:
Ան վերահաստատեց հայկական կողմին սկզբունքային մօտեցումը այն մասին, որ զինադադարի դրութեան ամրապնդումը նախադրեալներ պիտի ստեղծէ խաղաղ եւ բանակցային կարգաւորման համար, մինչդեռ սրելով իրավիճակը՝ Ատրպէյճան պատասխանատուութիւն կը կրէ առկայ կացութեան շարունակութեան համար։
Հայկական կողմը ապակառուցողական նկատեց Ատրպէյճանի քայլերը՝ հարցը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծմամբ չզբաղող միջազգային այլ հարթակներ տեղափոխելու ուղղութեամբ, որովհետեւ ատիկա ոչ մէկ նպաստ կրնայ բերել բանակցային գործընթացին: Որպէս օրինակ՝ յիշուեցաւ վերջերս ԵԽԽՎի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին վերաբերեալ սադրիչ հակահայկական զեկոյցի ընդունման ձախողութիւնը:
Իր խօսքի աւարտին դեսպան Կիրակոսեան վերահաստատեց Հայաստանի հաստատակամութիւնը՝ շարունակելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ