Հայկական զինուժը խոցած է Ատրպէյճանի մէկ ուղղաթիռ. ԼՂՀ ՊԲ

By Yerakouyn | Saturday, 02 April 2016

Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ ատրպէյճանական զինուժը կը շարունակէ իրականացնել լայնածաւալ նախայարձակ գործողութիւններ:

ԼՂՀ ՊԲ մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ, այսօր` Ապրիլ 2-ին, ժամը 09:00-ի դրութեամբ Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները պաշտպանական յաջող մարտեր կ՛իրականացնեն առաջնային գիծի բոլոր ուղղութիւններով` հակառակորդին պատճառելով կենդանի ուժի եւ զինատեսակներու զգալի կորուստներ:

ՊԲ տուեալներուն համաձայն, բացի ատրպէյճանական զինուժին հասուցած այլ կորուստներէ, ՊԲ հակաօդայինները հակամարտ զօրքերու շփման գօտիի հիւսիսային հատուածին մէջ խոցած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ գրոհող թշնամական մէկ ուղղաթիռ:


comments