By Yerakouyn | Saturday, 02 April 2016

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս կը հաստատէ Ապրիլ 1-էն 2-ի գիշերը ղարաբաղա- ատրպէյճանական ուժերու սահմանագիծի ողջ երկայնքով հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած աշխոյժ յարձակողական գործողութիւններուն վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը:
Գործողութիւններու ընթացքին հակառակորդը, կիրառելով հրասայլեր, հրետանի եւ օդուժ, փորձած է ներխուժել ԼՂՀ ՊԲ պաշտպանութեան խորքը եւ գրաւել մարտավարական դիրքեր: Այս պահի դրութեամբ ԼՂՀ ՊԲ ստորաբաժանումներու աշխոյժ գործողութիւններու արդիւնքով սահմանագիծի ողջ երկայնքով հակառակորդը ետ շպրտուած է` տալով բազմաթիւ զոհեր: Մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ ռազմական գործողութիւններ սկսելու վերաբերեալ ատրպէյճանական իշխանութիւններու աննախադէպ յաձակողական եւ անպատասխանատու որոշումը եւ պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ ատոնց շարունակումը կրնայ յանգեցնել ատրպէյճանական կողմի համար անկանխատեսելի հետեւանքներու:
Ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահամանգիծին իրադրութեան աննախադէպ լարելու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրեն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ստեղծուած իրավիճակին վրայ եւ կ՛ակնկալէ անյապաղ հասցէական միջամտութիւն` իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու եւ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններէն խուսափելու համար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ