By Kantsasar | Saturday, 02 April 2016

Այսօր վաղ առաւօտէն Արցախի Ազատամարտիկներու Միութեան շէնքին առջեւ հաւաքուած են բազմաթիւ ազատամարտիկներ եւ երիտասարդներ` ցանկութիւն յայտնելով անյապաղ մեկնիլ առաջնագիծ:
Artsakhpress-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ԱԱՄ- եան վարչութեան աշխատակից Ալվարօ Շէկեան տեղեկացուցած է, որ արդէն հարիւրաւոր կամաւոր ազատամարտիկներ գրանցուած են անմիջապէս առաջնագիծ մեկնելու համար: <<Մենք բոլորս կազմ-պատրաստ կը սպասենք ԼՂՀ ՊԲ հրամանատարութեան կոչին եւ անհրաժեշտութեան պարագային անյապաղ կը մեկնինք առաջնագիծ:
Իմ կարծիքով թշնամական հերթական վայրագութիւնն է մեր դէմ: Սակայն այժմ որեւէ բան չի կրնար զիրենք փրկել մեզմէ: Չեմ հասկնար քանի անգամ պիտի պարտուին, որպէսզի վերջապէս հասկնան, որ իրենք թոյլ են, կռուող չեն եւ չեն կրնար մեզի յաղթել:
Վստահաբար կ’ըսեմ, երբ անհրաժեշտութիւն յառաջանայ եւ մենք մասնակցինք ռազմագործողութիւններուն, անոնք նոյն պահուն թող տեղափոխեն Բարդա քաղաքի խաղաղ բնակչութիւնը>>,- ըսած է ազատամարտիկը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ