By Yerakouyn | Saturday, 02 April 2016

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ համեմատաբար կայուն է իրավիճակը, բանակը կը շարունակէ վստահօրէն վերահսկել իրավիճակը: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, ըսած է ԼՂՀ մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը` պատասխանելով այն հարցին, թէ տուեալ պահուն ինչ վիճակը կը տիրէ սահմանի վրայ:
<<Արցախը կողմնակից է խաղաղ կարգաւորման, սակայն եթէ Ատրպէյճանը պատերազմ սկսի ապա դա վերջանալու է Արցախի դրօշի ծածանմամբ ատրպէյճանական Ռէյխստագի վրայ>>,- ըսած է ան:
Դաւիթ Բաբայեան ընդգծած է, որ Արցախի մէջ որեւէ խուճապ չկայ: «Իհարկէ նման վիճակում կայ անհանգստութիւն, բայց որեւէ խուճապ չկայ: Մենք պաշտպանում ենք մեր հայրենիքը, մեր ապագան, մեր երեխաներին, իսկ Ատրպէյճանցի բնակչութիւնը ում պէտք է պաշտպանի, կոռումպացուած Ալիեւի՞ն»,- ընդգծած է ան:
Յիշեցնենք, որ ԼՂՀ ՊԲ մամուլի ծառայութիւնը տեղեկացուցած է, որ հաստատուած տուեալներով ղարաբաղեան ուժերը մարտագիծի հարաւարեւելեան ճակատին շարքէ հանած են 2 հրասայլ, հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ` 1 հրասայլ եւ 1 անօդաչու թռչող սարք: Հակառակորդի «Գրադ» կայանքէն հրթիռահրետակոծութեան հետեւանքով սպաննուած է 12-ամեայ տղայ, եւս 2 երեխայ վիրաւորուած են: ԼՂՀ ՊԲ–ն խոցած է հայկական դիրքերը գրոհող ատրպէյճանական ուղղաթիռը, ինչպէս նաեւ յայտնաբերած ու ոչնչացուցած ատրպէյճանական յարձակող խումբ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ