By Asbarez | Tuesday, 05 April 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - ԵԱՀԿի անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւնները շարունակուին եւ աւելի լայնածաւալ դառնան, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը։
<<Նման մասշտաբի գործողութիւններ չի գրանցուել 1994 թուականի զինադադարի հաստատումից ի վեր: Ադրբեջանը շարունակում է թիրախաւորել խաղաղ բնակչութեանը՝ օգտագործելով հրթիռահրետանային կայանքներ եւ հրանօթներ: Այսպէս կոչուած <<միակողմանի զինադադար>>ի յայտարարումից յետոյ Լեռնային Ղարաբաղի բնակավայրերի ուղղութեամբ աշխատել է Ադրբեջանի հրետանին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ որպէս 1994 թուականի Զինադադարի համաձայնագրի կողմ, շարունակելու է լիարժէքօրէն կատարել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման իր պարտաւորութիւնները: Աւելի՛ն, ես հրահանգել եմ արտաքին գործերի նախարարութեանը՝ աշխատել Լեռնային Ղարաբաղի հետ ռազմական փոխօգնութեան պայմանագիր կնքելու ուղղութեամբ: Եւ այստեղ պէտք է նշեմ՝ մէկ անգամ չէ, որ ես յայտարարել եմ, որ եթէ, իրօք, ռազմական գործողութիւնները շարունակուեն եւ ստանան լայնածաւալ մասշտաբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչելու է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը>>, հաստատած է նախագահ Սարգսեան։
Ան լուսարձակի տակ առած է, որ ռազմական գործողութիւնները եթէ սաստկանան, կրնայ ստեղծուիլ անկանխատեսելի եւ անդառնալի հետեւանքներով յղի կացութիւն, եւ կարելի է հասնիլ մինչեւ լայնածաւալ պատերազմի: <<Սա, բնականաբար, կ՛ազդի ո՛չ միայն հարաւկովկասեան, այլեւ եւրոպական տարածաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան վրայ>>, յայտնած է Սերժ Սարգսեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ