Լաւրով ու Քերրի կոչ կ՛ուղղեն՝ անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները

By Asbarez | Tuesday, 05 April 2016



ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներ Սերգէյ Լաւրով եւ Ճան Քերի հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը: Այս մասին հաղորդած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

<<Արտաքին գործոց քաղաքական նախարարները լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան լարուածութեան առնչութեամբ՝ վերահաստատելով ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման կոչերը: Համաձայնութիւն կայացած է աշխուժացնելու Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ջանքերը՝ ղարաբաղեան տագնապի լուծման նպաստելու առումով:

Լաւրով ու Քերրի դատապարտած են Ղարաբաղի շուրջ առճակատումը հրաւիրելու առանձին <<արտաքին խաղացողներուն փորձերը>>, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հեռաձայնային զրոյցը կայացած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ:

 

comments