By Asbarez | Friday, 08 April 2016
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Թերթ>> - Ապրիլ 7ին Արցախի բանակի պաշտպանութեան գօտիէն ներս լարուածութիւնը նուազած է, նկատուած է առանձին ուղղութիւններով հրաձգային զէնքերէ կրակոցներ, առաւել յաճախ հիւսիսային ուղղութեամբ, որուն իբրեւ արդիւնք վիրաւորուած է զինուոր մը: Այս մասին Արցախի Պաշտպանութեան բանակի օպերատիւ իրազեկման կեդրոնին մէջ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի օպերատիւ բաժինի պետ, գնդապետ Վիկտոր Առուստամեան:
Ան յայտնեց, որ իրականացուած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ խոցուած է հակառակորդի եւս մէկ անօդաչու թռչող սարք:
Գնդապետը ներկայացուց ամբողջ գործողութիւններու ընթացքին ճշդուած տուեալները, ըստ որոնց՝ Ապրիլ 1էն մինչեւ 7ը Պաշտպանութեան բանակի զոհուածներուն թիւը կը կազմէ 36, որոնցմէ 9ը՝ սպաներ եւ ենթասպաներ, իսկ վիրաւորներու թիւը՝ 122, որոնցմէ 24ը սպաներ եւ ենթասպաներ:
Ան նշեց, որ <<զոհուածների քանակը չորսով աճել է, պայմանաւորուած նրանով, որ մարտադաշտում որոնման աշխատանքների արդիւնքում յայտնաբերուել է եւս չորս զինծառայողի դի>>:
Անհետ կորած զինուորներէն մէկը գտնուած է ողջ առողջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ