By Asbarez | Tuesday, 12 April 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան կողմէ կատարուած դրամահաւաքին իբրեւ արդիւնք արդէն իսկ հաւաքուած է շուրջ երեք միլիոն տոլար։ <<Ազատութեան>> թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան՝ հաստատելով, որ ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի պաշտպանութեան բանակի սպառազինութեան արդիականացման:
Աղաբեկեան դիտել տուած է, թէ իրենք յոյս ունին, որ աշխարհի հայերը աւելին կարենան հաւաքել, ուստի դրամահաւաքը պիտի շարունակուի: <<Մեր զինուորին անհրաժեշտ տեխնիկական համալրմամբ օգտակար լինելու խնդիր ունենք>>, աւելցուցած է ան:
Դրամահաւաքի արդիւնքներուն եւ փոխանցուած գումարներուն մասին տեղեկութիւն կարելի է ստանալ Ղարաբաղի ելեւմուտքի նախարարութեան կայքէն: Աղաբեկեանի համաձայն՝ թէեւ դրամահաւաքը կարելի եղածին չափ թափանցիկ կերպով կը կատարեն ու կը ներկայացնեն, բայց ծախսը կարելի չէ նոյն ձեւով կատարել, քանի որ արդիական սպառազինութիւն պիտի գնուի:
Ան չէ բացառած, որ յառաջիկայ օրերուն նաեւ կազմակերպուի հեռուստամարաթոն՝ դիտել տալով, որ գումարը գոյացնելու համար բոլոր միջոցներուն պիտի դիմեն, որովհետեւ պիւտճէով տրամադրուած գումարը բաւարար չէ։
Պատերազմական գործողութիւնները հազիւ սկսած Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան մէջ կազմուեցաւ գործադիր ղեկավարման մարմին մը։ Աղաբեկեան նշած է, որ սկիզբէն արդէն իսկ բազմաթիւ հեռաձայններ կը ստանային, մարդիկ կը դիմէին, կ՛ուզէին օգնել, այս պատճառով ալ պէտք էր համակարգել այդ աշխատանքը, որովհետեւ մեծ էր նիւթական օգնութիւնը: Համակարգած են նաեւ կամաւորականներու հարցը՝ զինուած ուժերուն հետ համագործակցելով:
Ան տեղեկացուցած է, որ պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին մեծ տարհանման անհրաժեշտութիւն չէ եղած, միայն հիւսիսի Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերու բնակիչները դուրս բերուած են այդ շրջաններէն, քանի որ սահմանագիծին մօտ էին։ Խորքին մէջ հիմնականօրէն այս երկու գիւղերը տուժեցին ռմբակոծումէն: Ռմբակոծուած են նաեւ Մարտակերտ եւ Մարտունի քաղաքները, ինչ որ, Աղաբեկեանի համաձայն, անսպասելի էր: <<Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը արդէն զբաղւում է, գնահատում են վնասը, որպէսզի վերականգնման աշխատանքները սկսեն>>, յայտնած է ան:
Թալիշի եւ Մատաղիսի մէջ մեծ վնասներ հասած են նաեւ ելեկտրամատակարարման համակարգին, սակայն ատիկա մասամբ վերականգնած է, իսկ յառաջիկայ օրերուն, ըստ փոխվարչապետին, պիտի փորձեն տարհանուած բնակիչները վերադարձնել գիւղեր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ