Հայ զինուորները Գերմանիոյ մէջ կը մասնակցին բազմազգ զօրավարժութեան

By Asbarez | Thursday, 21 April 2016

0421germanymil

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հոհենֆելսի մէջ (Գերմանիա) տեղակայուած Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու միացեալ բազմազգ վարժական կեդրոնին մէջ աւարտին կը մօտենայ <<Միաձուլուած սուր-2016>> բազմազգ զօրավարժութիւնը, որուն 29 Մարտէն ի վեր կը մասնակցի  նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու 32 հոգինոց բժշկական ստորաբաժանումը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ զօրավարժութեան մէջ ներգրաւուած են 16 երկիրներէ շուրջ 5 հազար զինուորներ:

Զօրավարժութեան ընթացքին հայկական կողմը ապահոված է ՆԱԹՕի չափանիշներով 2րդ մակարդակի բժշկական օգնութիւն, եւ բացազատուած ու առաջին անգամ արտերկրի մէջ գործարկուած է Հայաստանի զինուած ուժերու ամերիկեան ԷՄԵՏՍ (EMEDS) համակարգի շարժական դաշտային հիւանդանոցը: Զօրավարժութեան մասնակցող հայ զինուորական բժշկական անձնակազմը մարտական գործողութիւններուն կարելի եղածին չափ նոյնանման պայմաններու մէջ կատարած են հիւանդներու փոխադրութիւն մարտական դաշտէն, առաջին օգնութեան տրամադրում, վիրաւորներու վիճակի կայունացման, վիրահատական միջամտութիւններու իրականացում եւ այլ բժշկական անյետաձգելի օգնութեան տրամադրում:

Զօրավարժութեան ընթացքին հետեւելու նպատակով ժամանած Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային զօրքերու հրամանատար, զօր. Պեն Եոտճըս հանդիպում ունեցած է հայ զինուորներուն հետ։

<<Նշուած զօրավարժութեանը մասնակցութիւնը նպաստելու է Հայաստանի զինուած ուժերու ԻՄԵԴՍ շարժական դաշտային հոսպիտալի անձնակազմի՝ մարտական պայմաններում անյետաձգելի բուժօգնութեան ցուցաբերման մասնագիտական հմտութիւնների խորացմանը եւ բազմազգ միջավայրում փոխգործակցելիութեան մակարդակի բարձրացմանը>>, նշուած է այն առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

 



comments