By Asbarez | Tuesday, 26 April 2016

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիի ամբողջ երկայնքով հակառակորդին լայնածաւալ յարձակման առաջին իսկ պահերէն, իր ամբողջ ներուժը հանրապետութեան պաշտպանական համակարգի ամրապնդման եւ անվտանգութեան ապահովման գործին նպատակաուղղեց նաեւ Արցախի ազատամարտիկներու միութիւնը:
Ըստ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան՝ բացի այն, որ ապրիլեան դիմակայութեան առաջին իսկ օրուընէ առայսօր առաջնագիծին վրայ կը շարունակուին մարտական խնդիր կատարել հազարաւոր ազատամարտիկներ, միութիւնը պարբերաբար հանդէս կու գայ նաեւ հանրապետութեան պաշտպանական ներուժի հզօրացման միտուած նիւթական աջակցութեան տարբեր ծրագրային նախաձեռնութիւններով:
<<Այս պարունակին մէջ, օրերս, միութեան նախագահ, զօրավար Սամուէլ Կարապետեանի նախաձեռնութեամբ եւ ԱԱՄ վարչութեան որոշումով, որպէս օգնութիւն, այսօր Պաշտպանութեան բանակին տրամադրուեցաւ 543 միլիոն դրամ>>, ըսուած է ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ