By Asbarez | Thursday, 28 April 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - 26 Ապրիլին, օրուան ընթացքին, ղարաբաղեան–ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած մնայուն ռմբակոծումները շարունակուած են նաեւ 26-27 լուսցող գիշերը։ Ատրպէյճանական զինուժը իր տրամադրութեան տակ եղած գրեթէ բոլոր հրետանային զինատեսակներէ, որոնց կարգին՝ ականանետերէն, թնդանօթներէ ու ՄՄ–21 (Կրատ) կայանքներէ, ղարաբաղեան դիրքերուն եւ խաղաղ բնակավայրերու վրայ արձակած է աւելի քան 550 արկ։
Հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած նախայարձակ գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք մահացու կերպով վիրաւորուած եւ մահացած է պաշտպանութեան բանակի զինուոր, 1996ի ծնունդ Հայկ Սամուէլի Մինասեան:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առիթով հրապարակած է յայտարարութիւն մը՝ նշելով, որ կը կիսէ Հայկ Մինասեանի կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորին ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Նշուած է, որ հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները չէզոքացնելու նպատակով պաշտ-պանութեան բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները դիմած են պատժիչ գործողութիւններու եւ թիրախային հարուածներ հասցնելով՝ թշնամիին պատճառած կենդանի ուժի եւ սպառազինութեան զգալի կորուստներ:
27 Ապրիլի օրուան ընթացքին հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով իրավիճակը համեմատաբար հանդարտ եղած է։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ