Կուսակցութիւնները անհրաժեշտ կը նկատեն համագործակցութիւնը քաղաքական արտաքին բնագաւառին մէջ

By Asbarez | Wednesday, 25 May 2016

 

0525parties

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու երկրորդ համաժողովին մասնակիցները ժողովի աւարտին հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած են համաժողովին ընթացքին քննարկուած հարցերուն՝ շեշտը դնելով այն իրողութեան վրայ, որ կուսակցութիւնները մնայուն նեցուկ են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ ուղիով լուծման բոլոր ջանքերուն։

<<Մենք՝ Մայիսի 21-22ը Ստեփանակերտում անցկացուած Հայկական կուսակցութիւնների երկրորդ ֆորումի մասնակիցներս, կարեւորելով՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնների քաղաքական համակարգերի հետագայ զարգացումը, ժողովրդավարական արժէքների հետեւողական ներդնումը, մարդու հիմնարար ազատութիւնների եւ իրաւունքների իրացումը, կուսակցութիւնների համագործակցութիւնը եւ քննարկումները համահայկական նշանակութեան, այդ թւում՝ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման հարցերում, քաղաքական գործունէութեան կազմակերպումն ու իրացումը բացառապէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնների շրջանակում, հպարտանում ենք ապրիլեան պատերազմի ընթացքում Լեռնային Ղարաբաղի պետական կառոյցների կազմակերպուածութեամբ եւ պաշտպանութեան բանակի ցուցաբերած արիութեամբ, անձնազոհութեամբ ու յաղթական ոգով եւ մեր ողջ ժողովրդի դրսեւորած միասնականութեամբ>>, ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Համաժողովի մասնակիցները դատապարտած են ատրպէյճանական ռազմական յարձակումը եւ ահաբեկչական գործողութիւնները ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղին եւ հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ՝ պետական մակարդակով որդեգրուած հայատեացութեան ու անհանդուրժողականութեան քաղաքականութիւնը:

Ընդգծելով, որ կուսակցութիւնները քաղաքացիներուն քաղաքական, իրաւական, ընկերային, մարդասիրական, տնտեսական եւ այլ իրաւունքներու լաւագոյն արտայայտողներն են, համաժողովին մասնակիցները հաստատած են, որ կուսակցութիւնները Հայաստանի եւ Ղարաբաղի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն լիարժէքօրէն դիմակայելու նպատակով յաւելեալ ջանք ի գործ պէտք է դնեն իրենց մտաւորական, կազմակերպչական, կառուցուածքային եւ այլ կարողութիւններն ու կարելիութիւնները ընդարձակելու համար:

<<Կարեւորում ենք քաղաքական համերաշխութեան եւ հասարակական համախմբուածութեան կենսական նշանակութիւնը ազգային անվտանգութեանը վերաբերող հիմնախնդիրների, մասնաւորապէս, ղարաբաղեան հիմնախնդրի՝ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ լուծման նպատակով: Ամրագրում ենք, որ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտում Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի համար ռազմավարական նշանակութեան հարցերում կուսակցութիւնների ընդգրկուն համագործակցութիւնն անհրաժեշտութիւն է: Առաջնահերթութիւն ենք համարում նման համագործակցութիւնն ակտիւօրէն օգտագործելը մեզ հասանելի բոլոր միջազգային հարթակներում>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Պատգամաւորները վերահաստատած են նման ձեւաչափով քննարկումներու կարեւորութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած զանոնք պարբերական դարձնելու եւ մնայուն կերպով կազմակերպելու Ղարաբաղի մէջ՝ ներառելով կուսակցական կառոյցներու կարելի եղածին չափ լայն շրջանակ՝ կանանց կազմակերպութիւններ, երիտասարդական թեւեր, մասնագէտներ եւ այլն:

Յայտարարութիւնը ստորագրած են Հայաստանի Հանրապետական, <<Ազատ դեմոկրատներ>>, <<Ազատ հայրենիք>>, <<Ազատութիւն>>, <<Ազգային միաբանութիւն>> կուսակցութիւնները, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցը, Հայաստանի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւնը, <<Հզօր հայրենիք>>, <<Միացեալ ազատական ազգային>>, Վերակազմեալ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնները:

 



comments