Սարգսեան եւ Ալիեւ համաձայնած են դիտորդական առաքելութեան ընդարձակման շուրջ. Ուորլիք

By Asbarez | Thursday, 28 July 2016

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք Յուլիս 27ին <<ՌԻԱ Նովոսթի>> լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները համաձայնած են սահմանագիծին վրայ ԵԱՀԿի դիտորդական առաքելութիւնը ընդարձակելու շուրջ:

<<ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները աշխուժօրէն կ՛աշխատին ապահովելու համար իրականացումը այն պարտաւորութիւններուն, որոնք Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին ստանձնած են նախագահները՝ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ բանակցային գործընթացի յառաջխաղացքը ապահովելու նպատակներով: Կը ծրագրուի շարունակել հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները, որոնց պիտի մասնակցին երկու կողմերէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Դիւանագիտական ուղղութեամբ յառաջընթացը անհրաժեշտ է, կողմերուն միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար>>, ըսած է Ուորլիք:

Ի պատասխան <<Ազատութեան>> կայանի այն հարցումին, թէ ե՞րբ ձեռք բերուած է այս համաձայնութիւնը եւ ի՞նչ են անոր մանրամասնութիւնները, Հայաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ Վլադիմիր Յակոբեան ըսած է. <<Այս պահին չեմ կարող որեւէ մեկնաբանութիւն տալ. հետեւէք պաշտօնական լրահոսին>>:

<<Ազատութեան>> նոյն հարցումին, արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան արձագանգած է՝ ըսելով. <<Ինչպէս գիտէք, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ Վիեննայում եւ Ս. Փեթերսպուրկում կայացած հանդիպումների արդիւնքում հրապարակուել են յայտարարութիւններ, որտեղ յստակ ամրագրուած են, որ ձեռք են բերուել պայմանաւորուածութիւններ՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի թիմի աւելացման ու կարողութիւնների ընդլայնման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ շփման գծում միջադէպերի հետաքննութեան մեխանիզմի (համակարգ) շուրջ: Մի քանի անգամ Պաքուն արգելափակել է այդ որոշման կայացումը ԵԱՀԿում: Նոր որոշում դեռեւս չկայ: ԵԱՀԿ ֆինանսաբիւջետային (ամավարկային) յանձնաժողովում դեռ որոշում կայացուած չէ անձնական ներկայացուցչի թիմի աւելացման համար գումարներ յատկացնելու մասին>>:

 


comments