Գերմանիան ԵԱՀԿի մէջ իր նախագահութեան շրջանին պիտի կեդրոնանայ Արցախի հարցին վրայ

By Asbarez | Thursday, 28 July 2016



ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմռատիօ>> - Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր Քիշնեւի մէջ հանդիպում ունեցած է Մոլտովիոյ վարչապետ Փաւել Ֆիլիփի հետ, ապա միասնաբար տուած են մամլոյ ասուլիս մը։

Իր խօսքին մէջ Շթայնմայեր անդրադարձած է Մերձտնեսթրի հիմնախնդիրի կարգաւորման վերաբերեալ <<5+2>> ձեւաչափով (Մոլտովիա, Մերձտնեսթր, ԵԱՀԿ, Ռուսիա, Ուքրանիա, Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական Միութիւն) բանակցութիւններու վերսկսման՝ զայն որակելով որպէս հակամարտութեան կարգաւորման ճամբուն վրայ կարեւոր քայլ մը։

<<Միայն պահպանելով Մոլտովիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը՝ կարելի է խօսիլ Մերձտնեսթրի կարգավիճակին մասին: Այս է մեր տեսլականը>>, յայտնած է ան։

Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր ընդգծած է, որ Գերմանիան ԵԱՀԿի մէջ իր նախագահութեան շրջանին որոշած է կեդրոնանալ ԵԱՀԿ տիրոյթի չլուծուած տագնապներու, որոնց կարգին նաեւ ղարաբաղեան ու Մերձտնեսթրի հակամարտութիւններուն վրայ:

<<Կը կարծեմ, թէ Մերձտնեսթրի <<սառեցուած>> հակամարտութիւնը կրնայ արագօրէն վերափոխուիլ <<տաք>> հակամարտութեան: Մենք ատիկա տեսած ենք Լեռնային Ղարաբաղի օրինակով: Կարեւոր է Մոլտովիոյ կայունութեան ապահովումը>>, դիտել տուած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

 


comments