By Asbarez | Wednesday, 03 August 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Պաքուի մէջ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու Օգոստոս 8ին կայանալիք եռակողմանի, ապա նաեւ երկկողմանի հանդիպումներուն օրակարգը յագեցած պիտի ըլլայ ոչ միայն քաղաքական, այլեւ տնտեսական հարցերով: Պաքուի մէջ նշեալները պիտի քննարկեն նաեւ ղարաբաղեան տագնապի կարգաւորման կարելիութիւնները:
Հանդիպումներու օրակարգին վրայ կը գտնուի նաեւ զէնքի վաճառքին հետ կապուած նոր համաձայնագիրը, որուն մասին ակնարկութիւն կատարած էր Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխին:
Նախագահները պիտի քննարկեն ուժանիւթի եւ փոխադրական ոլորտներուն առնչուող շարք մը լայնածաւալ նախագիծեր, որոնցմէ մէկն է Հիւսիս-Հարաւ փոխադրական միջանցքի ծրագիրը: Արդարեւ, Ատրպէյճան եւ Իրան ստեղծած են համատեղ աշխատանքային խումբ մը, որուն նպատակն է Ռեշթ-Ասթարա երկաթագիծին կառուցումը:
Սոյն ծրագիրին իրականացումը մէկ միլիառ տոլար պիտի արժէ, յայտնած է Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպան Մոհսուն Փաքային: Աշխատանքային խումբը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ այս շաբաթ: Նախագիծով արդէն իսկ հետաքրքրուած են Ռուսիա, Չեխիա եւ Հունգարիա: Ծրագիրին նպատակն է Ծոցը կապել Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպային: Ատրպէյճանական հատուածին կառուցումը պիտի աւարտի այս տարի, իսկ Ռեշթ-Ասթարա հատուածի գործածութիւնը կրնայ սկսիլ 2018ին:
Հիւսիս-Հարաւ ծրագիրը փոխադրական լայնածաւալ նախագիծ մըն է: Անոր նախաձեռնած են Մոսկուան, Պաքուն եւ Թեհրանը: Երկաթագիծի ընդհանուր երկայնքը 7000 քիլոմեթրի պիտի հասնի:
Ծրագիրին ամբողջական իրագործումը կարելի դարձաւ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու վերացումէն ետք: Միջանցքը պիտի կարենայ նաեւ Հնդկաստանը եւ Իրանը կապել Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի հետ՝ դառնալով Սուէզի ջրանցքի մրցակից:
Նաեւ, այս աշնան կրկին օգտագործման պիտի դրուի իրանեան Մեշխաթ քաղաքը Նախիջեւանին կապող երկաթագիծը՝ նպաստելով Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ զբօսաշրջութեան զարգացման:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ