By Asbarez | Tuesday, 22 November 2011
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի լուսանկարը զետեղուած է ամերիկեան հեղինակաւոր «Թայմ» շաբաթաթերթի Ամերիկայէն դուրս հրատարակուող թիւի կողքին վրայ։ Էրտողան Միջին Արեւելքի ամենաշատ քաշողականութիւն ունեցող ղեկավարը նկատուած է թերթին կողմէ։
«Թուրքիոյ իսլամամէտ ղեկավարը կրցաւ հզօր պետութեան մը վերածել ժողովրդավարական եւ աշխարհիկ արժէքներու դաւանող, Արեւմուտքին յարող իր երկիրը», կը գրէ «Թայմ», որ Թուրքիոյ վարչապետին մասին յօդուածը հրապարակած է «Էրտողանի ճամբան» խորագիրով։ Էրտողան 8րդ թուրքն է, որուն նկարը կը յայտնուի «Թայմ»ի կողքին վրայ։
Թերթը նաեւ նշած է, թէ Էրտողանի իշխանութեան օրերուն տնտեսութիւնը եռապատկուած է եւ սահմանափակուած են զինուորականներուն իրաւասութիւնները:
Ըստ թերթին, Էրտողանի կրօնամէտ քաղաքականութիւնը որեւէ վնաս չպատճառեց Թուրքիոյ աշխարհիկ կարգավիճակին, եւ այդ իսկ պատճառով, Թուրքիա նոր Իրան մը չդարձաւ, այլ, ըստ թերթին՝ սկսաւ Ռուսիոյ նմանելու։
Թերթը կը նշէ նաեւ, որ իր դրացիներուն հետ հարցերը լուծելու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, «Արաբական գարնան» հետեւանքով ձախողութեան մատնուած է։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ