By Asbarez | Wednesday, 16 November 2016
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հարաւարեւելքը գտնուող քրտաբնակ Շըրնաք քաղաքին մէջ 82 օրէ ի վեր գոյութիւն ունեցող կրակմարի դրութիւնը վերջապէս ջնջուած է: Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ յատուկ գործողութիւններու ծիրին մէջ յայտարարուած կրակմարը այդ միջոցին գործած էր ամէն օր՝ ժամը 5էն 22: 82 օր շարունակ, թրքական բանակին հրահրած թուրք-քիւրտ բախումներուն պատճառով քանդուած են հարիւրաւոր տուներ եւ խանութներ, իսկ բազմաթիւ բնակիչներ հեռացած են քաղաքէն:
Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի անդամ, խորհրդարանի նախկին հայազգի երեսփոխան Նուարդ Պաքըրճըօղլու, սոյն լուրը մեկնաբանելով՝ գրած է. «Շըրնաքի մէջ փողոց դուրս գալու արգելքը ջնջեցին, երբ հասկցան, որ քաղաքին մէջ այլեւս դուրս գալու փողոց չէ մնացած»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ