By Asbarez | Thursday, 16 February 2017

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Փետրուար 21-22ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հրաւէրով Մոսկուա պիտի այցելէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան. Չորեքշաբթի, Փետրուար 15ին այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
Բանակցութիւններու ընթացքին կը նախատեսուի արտաքին քաղաքական շարք մը հարցերու քննարկում, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը:
<<Այցը պիտի դառնայ հայ-ռուսական յագեցած երկխօսութեան շարունակութիւնը՝ ուղղուած քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման: Յատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան հարցերուն>>, աւելցուց Զախարովա:
Ան նաեւ նշեց, թէ յստակ տեղեկութիւններ չունի Փետրուար 17-19ին, Միւնիխի մէջ կայանալիք ապահովական հարցերու նուիրուած միջազգային համաժողովին ծիրէն ներս, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով կայանալիք եռակողմանի հանդիպման մը մասին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ