By Asbarez | Wednesday, 26 July 2017

Ապրիլեան պատերազմի օրերուն ատրպէյճանցիներու կողմէ խոշտանգուած զինուորականներու եւ խաղաղ բնակիչներու, ինչպէս նաեւ պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած խաղաղ բնակիչներու գործերով 359 հայց ներկայացուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ): Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Արա Ղազարեան <<Ազատութեան>> հարցումին պատասխանելով՝ ըսած է, որ անոնցմէ աւելի քան 20ը արդէն քննութեան փուլին մէջ են:
Քննութեան ընթացքին մէջ գտնուող երկու տասնեակէ աւելի հայցերով Սթրազպուրկի դատարանը արդէն հարցեր ուղղած է Ատրպէյճանին, խնդրելով որոշ տեղեկութիւններ հաղորդել՝ մասնաւորապէս, թէ ինչ հանգամանքներով զոհուած են զինուորները կամ խաղաղ բնակիչները, որոնց մարմինները խոշտանգուած եղած են:
<<Մենք կ՛ակնկալենք իրաւական պաշտպանութեան արդարացի փոխհատուցում՝ անիկա կրնայ ըլլալ ե՛ւ խախտումը ճանչնալ, ե՛ւ յետագային արդէն նիւթական փոխհատուցում՝ նիւթական վնասի եւ բարոյական վնասի դիմաց: Բայց առաջին հերթին, դեռ պէտք է հասնիլ անոր, որ Եւրոպական դատարանը ճանչնայ, որ տեղի ունեցած է խախտում>>, ըսած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտը:
Ղազարեան նշած է, որ Սթրազպուրկի դատարանէն կը պահանջեն ընդունիլ Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի շարք մը յօդուածներու խախտումները, ինչպէս նաեւ գոյքային փոխհատուցում տալ տուժածներուն: Ատրպէյճան ազգային խտրականութիւն դրսեւորած է՝ կեանքէ զրկած, խոշտանգած հայ զինուորները եւ խաղաղ բնակիչները, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին ուղղուած դիմումներուն մէջ գրած են Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիները:
<<Մասնաւորապէս, պատկերացուցէք՝ բնակիչը իր նամակին մէջ մեզի կը գրէ եւ կ՛ըսէ. <<Մենք արդէն շատոնց է քնանալէ առաջ մեր անձնագիրները, երեխաներուն ծննդեան վկայականները կը դնենք փոքրիկ պայուսակներու մէջ եւ զանոնք կը կախենք դրան բռնակէն>>: Կը պատկերացէ՞ք այդ մարդոց վիճակը, այսինքն՝ իրենք ամէն օր կը սպասեն, որ երբ ռմբակոծութիւն տեղի ունենայ, կարենան վերցնել կարեւոր իրերը եւ նետուին դուրս>>, ըսած է Արա Ղազարեան:
Սթրազպուրկի դատարանին մէջ քննուող գործերու շարքին են գլխատուած երեք զինուորականներու գործը եւ Վալերի եւ Ռազմելա Խալափեաններու սպանութիւնները:
Լեռնային Ղարաբաղի դատախազութեան տուեալներով, ընդհանուր առմամբ՝ քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Պաշտպանութեան բանակի 19 զինծառայողներու սպանութեան եւ անոնց մարմիններու խոշտանգումներուն կապակցութեամբ յարուցուած էր 6 քրէական գործ: 3 առանձին քրէական գործեր յարուցուած էին 19ամեայ եզիտի զինծառայող Քեարամ Սլոյեանի, վարորդ Հրանդ Ղարիբեանի եւ 31ամեայ մայոր Հայկ Թորոյեանի գլխատման փաստերով: Փորձաքննութիւններու արդիւնքներուն համաձայն՝ Սլոյեան եւ Ղարիբեան գլխատուած են իրենց մահէն ետք, մինչդեռ Թորոյեանը ատրպէյճանցիները գլխատած են օղջ եղած ատեն: Լեռնային Ղարաբաղի դատախազութիւնը տեղեկացուցած էր նաեւ, որ 15 հայ զինծառայողներու ականջները կտրուած եղած են, քանի մը հոգիի մատները կտրուած եղած են, հանուած եղած են աչքերը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ