
By Asbarez | Tuesday, 08 August 2017
ԹԵՀՐԱՆ - Իրան կոչ կ՛ընէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն՝ երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու ճամբով երթալու:
Ըստ <<Արցախփրէս>>ի՝ նման յայտարարութեամբ Թեհրանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին հանդէս եկած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Պահրամ Քասեմի:
<<Մենք մեր հիւսիսը ունինք, եւ երկու հարեւան. Ատրպէյճանը, որ իրապէս կարեւոր է մեզի համար, որուն հետ ունեցած ենք լաւ յարաբերութիւններ: Հայաստանի հետ ալ մենք ունինք բարեկամական եւ սերտ բարիդրացիական յարաբերութիւններ: Հակամարտութիւնը, անոնց տեսակէտներու տարբերութիւնները՝ Ղարաբաղեան հարցին շուրջ, արդէն գոյութիւն ունին երկար ժամանակէ ի վեր, եւ երբեմն լարուածութիւնը կ՛աճի: Մենք յոյսով ենք, որ անոնք կրնան յաղթահարել տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերը>>, նշած է Պահրամ Քասեմի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը յոյս յայտնած է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կրնան օժանդակել տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման: Ըստ անոր՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կրնան ազդեցութիւն ունենալ աւելի լայն տարածաշրջանի վրայ:
<<Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք տարածաշրջանին մէջ զարգացումներուն, յատկապէս մեր սահմանային հատուածներուն վրայ: Մենք կը հետեւինք մեր սահմաններուն եւ թոյլ չենք տար, որ հակամարտութիւնը վնասէ սահմանային տարածքներու մեր բնակչութեան>>, ընդգծած է ան:
Քասեմի նաեւ նշած է, որ այս հարցին մէջ մշտապէս եղած է նաեւ այլ ուժերու միջամտութեան հետ կապուած մտահոգութիւնը:
<<Երկու երկիրներուն հետ ալ մենք շարունակաբար բանակցած ենք, տեսակէտներ փոխանակած ենք, եւ յոյսով ենք, որ ի վերջոյ դիւանագիտութիւնն ու երկխօսութիւնը պիտի գերակայ դառնան այլ մօտեցումներու եւ մեթոտներու նկատմամբ>>,-ամփոփած է Իրանի ԱԳՆ մամուլի խօսնակը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ