ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Օգոստոս 14ին, ժամը 11ի շուրջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն նահատակուեցաւ Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող Արման Սամուէլի Մովսիսեան:
Նահատակ Արման Մովսիսեան Արմավիրի մարզի Արշալոյս գիւղի բնակիչ էր: Ան ընտանիքի միակ արու զաւակն էր, ունի իրմէ փոքր քոյր: Բանակ զօրակոչուած էր 2016ի ամրան:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած իր արիութեան համար՝ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինծառայող Արման Մովսիսեանը յետ մահու պարգեւատրեց <<Մարտական ծառայութիւն>> մետալով:
Ըստ <<Արցախփրէս>>ի՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան յայտնեց, որ հակառակորդի ահաբեկչական, յանցաւոր գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք՝ Պաշտպանութեան բանակը ունեցաւ անդառնալի կորուստ: <<Մենք բոլորս կը ցաւինք, որովհետեւ իւրաքանչիւր երիտասարդ կեանքի կորուստ անդառնալի է, յատկապէս մեր ժողովուրդին համար: Մենք գործ ունինք այսպիսի աննորմալ երկրի մը, դրացիի մը հետ>>, ըսաւ ան: Դաւիթ Ըստ Բաբայեան՝ ասիկա ահաբեկչութիւն է:

