By Asbarez | Thursday, 02 November 2017
ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թրքական «Անատոլիոյ մշակոյթ» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, գործարար, հասարակական գործիչ Օսման Քաւալան 13 օր ձերբակալուած մնալէ ետք՝ Նոյեմբեր 1ին պաշտօնապէս բանտարկութեան դատապարտուած է, մինչեւ իրեն դէմ սկսած դատական հետապնդումին աւարտը:
Ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ Քաւալա կը հարցաքննուի 2016ի Յուլիս 15ի պետական յեղաշրջումի փորձէն առաջ ունեցած իր շարք մը հանդիպումներուն համար, իսկ այդ փորձին հետ կապ ունենալու եւ «սահմանադրական կարգը խախտելու» յանցանքներով ալ կ՛ամբաստանուի։
Քաւալա յայտնի է իր հայամէտ դիրքորոշումներով: Ան մօտիկ է Հրանդ Տինքի ընտանիքին, նախապէս այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ յայտարարած, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ