Համանախագահները Աշխուժօրէն Կ՛աշխատին Արցախի Հակամարտութեան Կարգաւորման Գծով

By Asbarez | Saturday, 04 November 2017

1104lavrovՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկերի միջեւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննուած են երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր։

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Լաւրով վստահեցուցած է, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները կը շարունակեն աշխուժօրէն աշխատիլ՝ Արցախի հակամարտութեան լուծում մը գտնելու համար։

Լաւրով աւելցուցած է, թէ համատեղ աշխատանքը յոյժ կարեւոր է տարածաշրջանի հակամարտութիւններուն կարգաւորման համար:

Իր կարգին, Կրեմինկեր վստահութիւն յայտնած է, որ ԵԱՀԿի նման միջազգային կազմակերպութիւն մը կարողութիւնը ունի՛ կանխելու ճգնաժամերուն հակամարտութեանց վերածուիլը:

comments